| |
Աստուած իրապէս գոյութիւն ունէ՞: Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ, որ Աստուած իրապէս գոյութիւն ունէ:
Հարց. Աստուած իրապէս գոյութիւն ունէ՞: Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ, որ Աստուած իրապէս գոյութիւն ունէ:
Պատասխան.
Գիտենք, որ Աստուած իրապէս գոյութիւն ունէ, քանի որ Անիկա Ինքզինքը երեք յիմնական կէրպերով բացայայտած է. Արարչութեան, Իր Խօսքին եւ Իր Որդոյն՝ Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ:
Աստուծոյ գոյութեան ամենէն յիմնական ապացոյցը Անոր արարչութիւնն է. «Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ'իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն՝ իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէս զի անպատասխանի մնան» (Հռովմ. 1.20): «Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ» (Սաղ. 19.1):
Եթէ դաշտի մը մէջ ժամացոյց մը գտնինք, չպիտի մտածենք, որ անիկա պարզապէս ոչինչէն «յայտնուած» է կամ ալ միշտ գոյութիւն ունեցած է: Նայելով ժամացոյցին, վստահաբար պիտի ըսենք, որ ոեւէ մէկը անիկա ստեղծած է: Ես մեզի շրջապատող աշխարհին մէջ շատ աւելի մեծ խորհուրդ եւ հնարամտութիւն կը տեսնիմ: Ժամանակի վերաբերեալ մեր չափի զգացումը չի յիմնուիր ժամացոյցին վրայ, այլ՝ Աստուծոյ գործին. Երկրին համաչափ պտոյտին (ցեզիումին ռադիոակտիւ յատկութիւնը՝ 133 ատոմներ): Տիեզէրքը կը բացայայտէ իր այն մեծ խորհուրդը, որը կը ցուցնէ Մեծ Ճարտարապէտին գոյութիւնը:
Եթէ կոդաւորուած հաղորդագրութիւն մը ստանամ, պիտի փնտրեմ մէկը, որը կրնայ բանալ կոդերը, որպէս զի ինծի օգնէ կարդալու հաղորդագրութիւնը: Պիտի ենթադրեմ, որ հաղորդագրութիւնը բարձր մտքի տէր մէկը ղրկած է, որը նաեւ կոդաւորած է այն: Որքա՞ն բարդ է DNA-ին կոդը, որը կը կրենք մեր մարմնին ամէն մէկ բջիջին մէջ: Արդեօ՞ք DNA-ին բարդութիւնն ու նպատակը չի հաստատէ անոր Բարձրամիտ Հեղինակին գոյութիւնը:
Աստուած ոչ միայն բարդ ու նուրբ կառուցուածքով ֆիզիկական աշխարհ մը ստեղծած է, այլ նաեւ ամէն մարդու սրտին մէջ յաւիտենականութեան զգացումը դրած է (Ժող. 3.11): Մարդը նէրքին զգացում մը ունէ, որ տէսանելի աշխարհէն եւ առօրեայ կենցաղային կեանքէն շատ աւելի մեծ բան մը գոյութիւն ունէ: Մեր յաւիտենականութեան զգացումը գոնէ երկու կէրպերով կը ներկայանան. Օրէնքի ստեղծումովը եւ երկրպագութեան միջոցաւ:
Մարդկութեան պատմութեան մէջ ամէն քաղաքակրթութիւն կը գնահատէ որոշակի բարոյական օրէնքներ, որոնք զարմանալիորէն տարբէր մշակոյթներուն մէջ իրարու կը նմանին: Ինչպէս, օրինակ, սիրոյ գաղափարը կը գնահատուի բոլորին կողմանէ, մինչդեռ խաբէութիւնը համընդհանուր կը դատապարտուի: Այս համընդհանուր բարոյականութիւնը, բարու եւ չարի հասկացողութիւնը կը ցուցնէ Գերագոյն Բարոյական Էակի մը գոյութիւնը, որը մարդուն մէջ ներդրած է այս բարոյական սկզբունքները:
Նոյն կէրպով բոլոր աշխարհին մէջ մարդիկ, անկախ իրենց մշակոյթէն, զարգացուցած են երկրպագութեան համակարգ մը: Երկրպագութեան առարկաները կրնայ ըլլայ կը տարբէրուին, սակայն «բարձրագոյն զօրութեան» գոյութեան զգացումը անվիճէլիորէն մարդկային էութեան մաս կը կազմէ: Երկրպագութեան մեր պատրաստակամութիւնը կը համապատասխանէ այն փաստին, որ Աստուած մեզի «իր պատկէրովը» (Ծննդ. 1.27) ստեղծած է:
Աստուած Ինքզինքը մեզի յայտնած է Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցաւ: Սուրբ Գրքին մէջ ամենուր Աստուծոյ գոյութիւնը կ'ընդունուի, որպէս ակնյայտ փաստ (Ծննդ. 1.1, Ելից 3.14): Երբ Բենջամին Ֆրանկլինը գրած է իր «Ինքնակենսագրութիւն»-ը, անիկա ժամանակ չէ կորսնցուցած՝ ապացուցելու իր գոյութիւնը: Նոյն կէրպով Աստուած ալ շատ ժամանակ չի տրամադրեր Իր Գրքին մէջ Իր գոյութիւնը ապացուցելուն: Աստուածաշունչին կենսափոխիչ էութիւնը, անոր ամբողջականութիւնը եւ հրաշքները բաւարար հիմք կը կազմեն, որպէս զի աւելի խորութեամբ անիկա ուսումնասիրենք:
Երրորդ կէրպը, որով Աստուած Ինքզինքը կը բացայայտէ, Անոր Որդու՝ Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ է (Յովհ. 14.6-11): «Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր: ... Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ» (Յովհ. 1.1,14): Յիսուս Քրիստոսին մէջ « ... մարմնապէս կը բնակի Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը» (Կող. 2.9):
Իր երկրային զարմանահրաշ կեանքին մէջ Յիսուս կատարելապէս կը պահէ Հինկտակարանեան Օրէնքը եւ Մեսիային վերաբերող Մարգարէութիւնները (Մատթ. 5.17): Անիկա անհամար գործեր կ'ընէ, որոնք մարդոցը ցաւակից ըլլալու արդիւնք են: Յայտնապէս հրաշքներ կը գործէ, որպէս զի երաշխաւորէ Իր Պատգամին ճշմարտացիութիւնը եւ վկայէ Իր Աստուածութիւնը (Յովհ. 21.24-25): Խաչին վրայ Իր մահէն երեք օր ետքը Անիկա Յարութիւն կ'առնէ. Փաստ մը, որը հաստատուած է հարիւրաւոր վկաներու կողմանէ (Ա Կորն. 15.6): Առատ պատմական «ապացոյցներ» կան, թէ ո՞վ է Յիսուս: Ինչպէս Պողոս առաքեալը կը գրէ. « ... վասն զի այս բանը անկիւնի մը մէջ չէ եղած» (Գործք 26.26):
Կը գիտակցինք, որ միշտ ալ թերահաւատներ պիտի ըլլան, որոնք Աստուծոյ մասին իրենց գաղափարները պիտի ներկայացնին եւ ապացոյցներուն թերահաւատութեամբ պիտի նային: Նաեւ այնպիսիք պիտի ըլլան, որոնք երբէք պիտի չհամոզուին, անկախ այն բանէն, թէ որքան ապացոյցներ կը ներկայացուին (Սաղ. 14.1): Ամէն բան կը հանգչի հաւատքին վրայ (Եբր. 11.6):
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Աստուած իրապէս գոյութիւն ունէ՞: Ինչպէ՞ս կրնամ վստահ ըլլալ, որ Աստուած իրապէս գոյութիւն ունէ:
|
|
|