Ե՞րբ մարդը կը ղրկուի դժոխք կամ դրախտ:




Հարց. Ե՞րբ մարդը կը ղրկուի դժոխք կամ դրախտ:

Պատասխան.
Թէ մահէն ետք ինչ կ'ըլլայ, հարցը շատ խառնաշփոթ է: Աստուածաշունչը հստակ չի ցուցներ, ե՞րբ մարդը կը հասնէ իր յաւիտենական վիճակին: Սակայն կ’ըսուի, որ մահէն ետք մարդը կը տարուի դրախտ կամ դժոխք, կախում ունէ, արդեօք ընդունած է Յիսուսը, որպէս Փրկիչ, թէ ոչ: Հաւատացեալներու համար մահը կը նշանակէ թողնիլ այս մարմինը եւ տեղափոխուիլ Տէրոջը ներկայութեանը մէջ (Բ Կորն. 5.6-8, Փիլ. 1.23): Իսկ անհաւատներու համար մահը յաւիտենական պատիժ մըն է դժոխքին մէջ (Ղուկ. 6.22-23):

Ճիշտ հոս է խառնաշփոթութիւնը, թէ ի՞նչ կ'ըլլայ մահէն ետք: Յայտ. 20.11-15-ը կը նկարագրէ, ինչպէս բոլոր անոնք, որոնք դժոխքին մէջն են պիտի նետուին կրակէ լիճին մէջը: Յայտնութեան գրքի 22 եւ 23 գլուխները կը նկարագրին Նոր Երկինքը եւ Նոր Երկիրը: Ահաւասիկ կ'ելլէ, որ մինչեւ իր վէրջնական յարութիւնը մարդը կը բնակուի ինչ որ «ժամանակաւոր» դրախտի մը կամ դժոխքի մը մէջ: Մարդուն յաւիտենական նախախնամութիւնը չի պիտի փոխուի, բայց անոր «բնակութեան վայրը» պիտի փոխուի: Մահէն ետքը, որոշակի ատենին հաւատացեալները կը տարուին Նոր Երկինքը ու Նոր Երկիրը, իսկ անհաւատները կը նետուին կրակէ լիճին մէջ (Յայտ. 20.11-15): Ամէն մարդու մը համար ասոնք պիտի ըլլան անոր վէրջնական բնակավայրը: Մարդուն ուր ըլլալը կախում ունէ, արդեօք անիկա իր փրկութիւնը միայն Տէր Յիսուսին է վստահած:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ե՞րբ մարդը կը ղրկուի դժոխք կամ դրախտ: