| |
Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը ալքոհոլ խմելուն համար:Մե՞ղք է, եթէ քրիստոնեայ մը ալքոհոլ խմէ:
Հարց. Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը ալքոհոլ խմելուն համար:Մե՞ղք է, եթէ քրիստոնեայ մը ալքոհոլ խմէ:
Պատասխան.
Աստուածաշունչին մէջ համարներ կան, որոնց մէջ մարդոցը կը քաջալէրուէ, որ հեռու կենան ալքոհոլէն (Ղեւտ. 10.9, Թուոց 6.3, Բ Օր. 14.26, 29.6, Դատ. 13.4,7,14, Ա Թագ. 1.15, Առակ. 20.1, 31.4,6, Ես. 5.11,22, 24.9, 56.12, Միք. 2.11, Ղուկ. 1.15): Թէեւ չենք կրնար ըսել, որ Աստուածաշունչը կ'արգելէ քրիստոնեաներուն գարէջուր, գինի կամ այլ ալքոհոլային ըմպելիքներ խմիլը: Անոնց կ'արգելուի հարբիլը (Եփես. 5.18): Աստուածաշունչը կը դատապարտէ յարբէցողութիւնը եւ անոր յետեւանքները (Առակ. 23.29-35): Նաեւ անոնց պատուիրուած է թոյլ չտալ, որ իրենց մարմինները բանի մը գերի ըլլայ (Ա Կորն. 6.12, Բ Պետ. 2.19): Աստուածաշունչը կ'արգելէ քրիստոնեային ընել բան մը, որը նեղութիւն պիտի պատճառէ ուրիշ քրիստոնեայի մը կամ պիտի քաջալէրէ անոր իր խղճին յանդէպ մեղք մը գործիլ (Ա Կորն. 8.9-13): Այս սկզբունքներուն լոյսին տակ քրիստոնեայի մը համար շատ դժուար պիտի ըլլայ ըսելու, որ Աստուծոյ փառքին համար ալքոհոլ կը խմէ (Ա Կորն. 10.31):
Յիսուս ջուրը գինիի փոխած է: Նաեւ դէպքեր եղած են, երբ Յիսուս գինի է խմած (Յովհ. 2.1-11, Մատթ. 26.29): Նորկտակարանեան ժամանակներում ջուրը շատ մաքուր չէ եղած: Առանց այսօրուան սանիտարական միջոցներու ջուրը բակտերիաներով, վարաքներով եւ այլ հիւանդութիւններով լի է եղած: Այսօր երկիրներու երկու երրորդին մէջ վիճակը նոյնն է: Այս պատճառաւ ալ մարդիկ յաճախ ջուրին տեղ գինի կամ խաղողի հիւթ կը խմին, քանի որ գինիին մէջ ասանք միկրոօրգանիզմներ շատ քիչ կան: Ա Տիմ. 5.23-ին մէջ Պողոս առաքեալ խորհուրդ կու տայ Տիմոթէոսին, որ ջուրին տեղ գինի խմէ (յաւանաբար ջուրը պատճառ դարձած է անոր ստամոքսին ցաւերուն): Այն օրերուն այսօրուան չափ չեն թողած, որ գինին ֆերմենտացիայի ենթարկուէ: Ճիշտ չէ, եթէ զանիկա խաղողի հիւթ անուանինք, ոչ ալ գինին է ճիշտ, ինչպիսին այսօր կը գործածենք: Աստուածաշուչին մէջ ոեւէ տեղ մը չի արգիլուէ քրիստոնեային գարէջուր, գինի կամ ոեւէ այլ ալքոհոլ խմիլը: Ալքոհոլը ինքզինքնին մեղք մը չէ: Ճիշտ պիտի ըլլայ քրիստոնեաները բացարձակապէս զսպուած ըլլան յարբեցողութիւնէ եւ գինէմոլութիւնէ (Եփես. 5.18, Ա Կորն. 6.12): Աստուածաշունչին մէջ սկզբունքներ կան, որոնք մեզի թոյլ չեն տար ըսելու, որ ալքոհոլ խմիլը, ինչ չափով ալ անիկա ըլլայ, Աստուծոյն հաճելի է:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը ալքոհոլ խմելուն համար:Մե՞ղք է, եթէ քրիստոնեայ մը ալքոհոլ խմէ:
|
|
|