| |
Ի՞նչ կը ներկայացնեն չորս հոգեւոր կանոնները:
Հարց. Ի՞նչ կը ներկայացնեն չորս հոգեւոր կանոնները:
Պատասխան.
Չորս հոգեւոր կանոնները փրկութեան Բարի Լուրը փոխանցելու ձեւեր են, որը Յիսուսին վրայ ունեցած հաւատքին միջոցաւ մարդոց տրամադրութեան տակ են: Ասիկա պարզ միջոց մըն է կարեւոր տեղեկութիւնները չորս յիմնական կետերուն մէջ ներկայացնելու համար, որը Աւետարանը կու տայ:
Առաջին հոգեւոր կանոնն է. «Աստուած քեզի կը սիրէ ու քո կեանքին համար հրաշալի ծրագիր մը ունի»: Յովհաննէս 3.16-ին մէջ կ'ըսէ. «Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ով որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ.»: Յովհաննէս 10.10-ին մէջ կու տայ պատճառը, որուն համար Յիսուս աշխարհ եկաւ. «Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ալ աւելի ունենան»: Ի՞նչը դէպի Աստուծոյ սէրը առաջնորդող ճամբուն կը խոչընդոտէ: Ի՞նչը մեզի կը խանգարէ, որ առատ կեանք ունենանք:
Երկրորդ հոգեւոր կանոնն է. «Մարդկութիւնը մեղքէն ապականուած է ու այս պատճառով Աստուծմէ բաժնուած է: Արդիւնքում, մենք չենք կրնար գիտնալ ինչպիսի՞ն է մեր կեանքին համար Աստուծոյ հրաշալի ծրագիրը»: Հռովմեացիներուն 3.23-ը կը հաստատէ այս բանը. «Վասն զի ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»: Հռոմեացիներուն 6.23-ը կը ներկայացնէ մեղքին յետեւանքները. «Մեղքին վարձքը մահ է.»: Աստուած մեզի ստեղծած է, որ Իրեն հետ հաղորդակցուինք: Սակայն մարդը մեղք կը գործէ եւ իր մեղքին պատճառով կը բաժնուէ Աստուծմէ: Մենք փչացուցած ենք այն յարաբերութիւնները, որ Աստուած ուզած է մեզի հետ ունենալ: Ո՞րն է ելքը:
Երրորդ հոգեւոր կանոնն է «Յիսուս Քրիստոս միակ միջոցն է, որ Աստուած նախատեսած է, որպէս զի մաքրէ մեր մեղքերը: Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ մեր մեղքերը պիտի ներուին եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնները պիտի վերականգնինք»: Հռովմեացիներուն 5.8-ին մէջ մեզի կ'ըսուի. «Սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք.»: Ա Կորն. 15.3-4-ը մեզի կը ցուցնէ, թէ ի՞նչ պիտի գիտնանք եւ հաւատանք, որպէս զի փրկուինք. «... Թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ, եւ թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ...»: Յիսուս Քրիստոս Յովհ. 14.6-ին մէջ Ինքն Իր մասին կ'ըսէ, որ մարդոց փրկութեան միակ ճամբան է. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով»: Ինչպէս կրնամ ստանալ փրկութեան հիասքանչ պարգեւը:
Չորորդ հոգեւոր կանոնն է. «Մենք պէտք է հաւատանք Յիսուս Քրիստոսին, որպէս Փրկիչ, փրկութեան պարգեւն առնինք եւ հասկնանք մեր կեանքի համար Աստուծոյ հիասքանչ ծրագիրը»: Յովհաննէս 1.12-ին մէջ կը նկարագրուի ինչպէ՞ս կ'ըլլայ ասիկա. «Բայց որոնք որ զինք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիններ ըլլալու, որոնք կը հաւատան իր անուանը.»: Գործք Առաքելոց 16.31-ին մէջ շատ պարզ կերպով կ'ըսուի. «Հաւատա Տէր Յիսուս Քրիստոսին ու պիտի փրկուիք դուն եւ քու տունդ.»: Մենք կրնանք փրկուիլ միայն շնորհքով եւ Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած մեր հաւատքին միջոցաւ (Եփես. 2.8-9):
Եթէ կ'ուզես ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսը, որպէս քո Փրկիչը, հոս քեզի կը ներկայացնինք աղօթք մը: Թէ՛ այս, կամ թէ՛ ուրիշ աղօթք մը չեն կրնայ քեզի փրկիլ: Միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքը կրնայ քեզի քո մեղքերէն փրկիլ: Այս աղօթքը միայն միջոց մըն է, որ ցուցնես քո հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ եւ շնորհակալութիւն յայտնես այն փրկութեանը համար, որ Անիկա քեզի կ'ընծայէ:
«Աստուած իմ, գիտեմ, որ մեղաւոր մէկն եմ Քո առջեւ եւ արժանի՝ պատժուելու: Բայց Յիսուս Քրիստոս ընդունեց այն պատիժը, որ ես պիտի կրէի, որպէս զի Անոր վրայ ունեցած իմ հաւատքովը ինծի ներուի: Ես կը դառնամ իմ մեղքերէն եւ իմ փրկութիւնը Քեզի կը վստահիմ: Շնորհակալ եմ Քո հիասքանչ շնորհիդ, ներումին եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւին համար: Ամէն:»
Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Ի՞նչ կը ներկայացնեն չորս հոգեւոր կանոնները:
|
|
|