| |
Այլեւս հաւատացի Յիսուս Քրիստոսին: Իսկ հիմա դէպի ո՞ւր:
Այլեւս հաւատացի Յիսուս Քրիստոսին: Իսկ հիմա դէպի ո՞ւր:
Շնորհաւոր: Որոշում մը առած ես, որը պիտի փոխէ քո ամբողջ կեանքը: Կրնայ ըլլայ կը հարցնես. «Իսկ հիմա դէպի ո՞ւր: Ուրկէ՞ սկսիմ Աստուծոյ հետ իմ կեանքի ճամբան»: Հինգ քայլեր մը, որ վարը քեզի կ'առաջարկենք, կը ներկայացնեն քանի մը ուղղութիւններ Աստուածաշունչէն: Եթէ քո «ճանապարհորդութեան» ընթացքին հարցեր ունիս, կրնաս այցելել http://www.gotquestions.org/Armenian կայքէջը:
Ա) Համոզուէ, որ փրկութեան մասին ճիշտ պատկերացում ունիս:
Ա Յովհ. 5.17-ին մէջ կը կարդանք. «Այս բաները գրեցի ձեզի՝ որպէս զի գիտնաք յաւիտենական կեանք ունիք դուք՝ որ Աստուծոյ Որդիին անունին կը հաւատաք.»: Աստուած կ'ուզէ, որ փրկութեան մասին ճիշտ պատկերացում ունենանք: Անիկա կ'ուզէ, որ վստահ ըլլանք մեր փրկութեանը համար: Հիմա հակիրճ նայինք որոնք են փրկութեան հիմնական տարրերը:
1. Բոլորս ալ մեղք ենք գործել: Բոլորս ալ ըրած ենք բաներ, որոնք Աստուծոյ հաճելի չեն եղած (Հռովմ. 3.23):
2. Մեր մեղքերուն պատճառաւ արժանի ենք Աստուծմէ յաւիտեանս բաժնուելու պատիժին (Հռովմ. 6.23)
3. Յիսուս խաչին վրայ մեռաւ, որպէս զի վճարէ մեր մեղքերուն համար (Հռովմ. 5.8, Բ Կորն. 5.21): Յիսուս մեր փոխարէն խաչը ելաւ, որ կրէ մեր պատիժը: Անոր յարութիւնը կ'ապացուցէ, որ Իր մահը բաւարար էր՝ վճարելու մեր կեանքին գինը:
Այս է փրկութեան պատգամը. Եթէ ընդունած ես Յիսուս Քրիստոսը, որպէս քո Փրկիչը, դուն փրկուած ես: Քո բոլոր մեղքերը ներուած են եւ Աստուած կը խոստանայ, որ երբէք քեզի չձգէ եւ չմոռնայ (Հռովմ. 8.38-39, Մատթ. 28.20): Յիշէ, որ Յիսուս Քրիստոսով քո փրկութիւնը հաստատ է ( Յովհ. 10.28-29): Եթէ ապաւինես Յիսուսին, որպէս քո Փրկիչը, կրնաս վստահ ըլլալ, որ Աստուծոյ հետ Դրախտին մէջ պիտի վայելես յաւիտենական կեանքը:
Բ) Սկսէ այցելել եկեղեցի մը, ուր Աստուածաշունչը կ'ուսուցանուի:
Մի կարծէր, որ եկեղեցին շէնք մըն է: Եկեղեցին մարդիկ են: Չափազանց կարեւոր է հաւատացեալները իրարու հետ հաղորդակցուին: Ասիկա եկեղեցւոյ հիմնական նպատակներէն մէկն է: Հիմա, երբ այլեւս ընդունած ես Յիսուս Քրիստոսը, սրտանց կը քաջալերենք քեզի, որ հոն, ուր որ կ'ապրիս, եկեղեցի մը գտնես, որը կը հաւատայ Աստուածաշունչին: Սկսէ այցելել հոն ու խօսէ անոր հովուին հետ: Լաւ կ'ըլլայ, եթէ հովիւը գիտնայ, որ դուն նորահաւատ մըն ես:
Եկեղեցւոյ նպատակներէն մէկն ալ Աստուածաշունչի ուսուցումն է: Կրնաս սորուիլ քո կեանքի մէջ Աստուծոյ պատգամները գործադրել: Աստուածաշունչը հասկնալը հիմնական նշանակութիւն ունէ յաջող եւ յաղթական քրիստոնեական կեանք մը ապրելու համար: Բ Տիմ. 3.16-17-ին մէջ կ'ըսուի. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած.»:
Եկեղեցւոյ ուրիշ նպատակ մըն ալ երկրպագութիւնն է: «Երկրպագել» կը նշանակէ շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյն Անոր բոլոր ըրածներուն համար: Աստուած մեզի փրկած է: Աստուած մեզի կը սիրէ: Աստուած մեզի ուղղութիւն կտայ եւ կ'առաջնորդէ: Մի՞թէ կրնանք Անոր հանդէպ երախտագետ չըլլանք: Աստուած սուրբ, արդար, սիրող, ողորմած եւ շնորհներով լի է: Յայտ. 4.11 կը յայտարարէ. «Արժանի ես, Տէր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան.»:
Գ) Ամէն օր ժամանակ յատկացուր Աստուծոյ հետ յարաբերուելու համար:
Մեզի համար շատ կարեւոր է ամէն օր ատեն մը մեր ուշադրութիւնը կենտրօնացնենք Աստուծոյ վրայ: Ոմանք այն կը կոչին «լռութեան պահ»: Ուրիշներ՝ «նուիրում», որովհետեւ այդ պահերը կը նուիրենք Աստուծոյ: Ոմանք կը նախընտրէն աղօթքին եւ ընթերցումին ժամանակ յատկացնել առտու, իսկ ոմանք՝ երեկոյեան: Կարեւոր չէ, թէ ինչպէս կը կոչես կամ երբ կ'ընես այն: Կարեւորը աւելի յաճախ Աստուծոյ հետ ըլլալն է: Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ հետ յարաբերուիլ:
1. ԱՂՕԹՔ: Աղօթքը, պարզապէս, զրոյց մըն է Աստուծոյ հետ: Զրուցէ Աստուծոյ հետ քո խնդիրներուն եւ բոլոր քեզի յուզող հարցերուն շուրջ: Խնդրէ Անոր, որ քեզի իմաստութիւն պարգեւէ: Աղօթէ քո կարիքներուն համար: Ըսէ Աստծոյն, որ Զինքը կը սիրես եւ կը գնահատես քեզի համար Անոր բոլոր ըրածները: Այս է աղօթքին առանցքը:
2. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ: Բացի այն, որ եկեղեցւոյ, կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ կամ ալ հոգեւոր սերտողութիւններուն կ'ուսուցանուի Աստուածաշունչը, դուն ալ պէտք է Այն կարդաս եւ ուսումնասիրես: Աստուածաշունչը կը պարունակէ այն ամէնը, ինչը քեզի հարկաւոր է Աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելու համար: Անոր մէջ պիտի գտնես Աստուծոյ առաջնորդութիւնը իմաստուն որոշումներ առնելու համար: Պիտի հասկնաս Աստուծոյ Կամքը քեզի համար, թէ ինչպէ՞ս կրնաս ծառայել ուրիշներուն եւ հոգեւոր կեանքին մէջ աճիլ: Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է՝ գրուած մեզի համար: Աստուածաշունչը իր էութեամբ Աստուծոյ գործնական խրատներն են, որոնք մեզի Աստուծոյ համար հաճելի կեանքի մը կ'առաջնորդեն:
Դ) Յարաբերութիւններ հաստատէ մարդոց հետ, որոնք կրնան քո հոգեւոր կեանքին օգտակար ըլլան:
Ա Կորն. 15.33-ին մէջ կ'ըսուի. «Մի խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ'ապականեն.»: Աստուածաշունչը յաճախ մեզի կը նախազգուշացնէ այն ազդեցութիւններէն, որոնք «չար» մարդիկը կրնան գործել: Երբ մեր ժամանակը մեղաւոր մարդոց հետ կ'անցնենք, անոնք կրնան իրենց գործերովը մեզի գայթակղիլ: Մեր շուրջիններուն վարքագիծը մեզի համար «վարաքիչ» կրնայ ըլլայ: Ահա ինչո՞ւ կարեւոր է, որ ինքզինքնիս շրջապատինք մարդոցմով, որոնք Տէրը կը սիրեն եւ Անոր նուիրուած են:
Փորձէ գտնիլ քանի մը բարեկամներու, կրնայ ըլլան քո այցելած եկեղեցիէն, որոնք կրնան քեզի օգնել եւ քաջալերել (Եբր. 3.13, 10.24): Խնդրէ անոնց, որ քեզի պատասխանատու պահեն Աստուծոյ հետ քո ապրած կեանքին մէջ: Հարցուր անոնց, արդեո՞ք պիտի ուզեն, որ նոյնը դուն ընես անոնց համար: Ասիկա չի նշանակէր, որ պիտի հրաժարիս քո բոլոր այն բարեկամներէն, որոնք Տէր Յիսուսը, որպէս Փրկիչ չեն ընդունած: Շարունակէ անոնց բարեկամ ըլլալ եւ սիրէ անոնց: Պարզապէս ըսէ անոնց, որ Յիսուս քո կեանքդ փոխած է, եւ այլեւս առաջուան ըրածներէդ հրաժարած ես: Խնդրէ Աստուծոյն,որ քեզի կարողութիւնը տայ՝ քո բարեկամներուն Յիսուսի մասին վկայելու:
Ե) Մկրտուէ:
Շատ մարդիկ սխալ պատկէրացում ունեն մկրտութեան մասին: «Մկրտութիւն» բառը կը նշանակէ «թաթախուիլ» ջուրին մէջ: Մկրտութիւնը Աստուածաշնչային ձեւ մըն է Քրիստոսին հանդէպ քո հաւատքն ու նուիրումը հրապարակայնորէն արտայայտելու համար: Ջուրին մէջ թաթախուիլը կը խորհրդանշէ Քրիստոսին հետ թաղուիլը, իսկ ջուրէն դուրս գալը՝ Քրիստոսին Յարութիւնը: Մկրտուիլ կը նշանակէ հաղորդակից ըլլալ Յիսուսի մահուանը, թաղումին եւ յարութեանը:
Մկրտութիւնը քեզի չի փրկէր: Մկրտութիւնը քեզի քո մեղքերէն չի մաքրէր: Մկրտութիւնը պարզապէս հնազանդութեան քայլ մըն է. Քո հաւատքին հրապարակային յայտարարութիւնը, որ միայն Քրիստոս կը փրկէ: Եթէ դուն պատրաստ ես մկրտուելու, խօսէ քո հովուին հետ:
Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով
Այլեւս հաւատացի Յիսուս Քրիստոսին: Իսկ հիմա դէպի ո՞ւր:
|
|