Անձնական Փրկիչ
 

Ի՞նչ կը նշանակէ ընդունիլ Յիսուսը, որպէս անձնական Փրկիչ:




Հարց. Ի՞նչ կը նշանակէ ընդունիլ Յիսուսը, որպէս անձնական Փրկիչ:

Պատասխան.
Երբեւէ ընդունա՞ծ ես Յիսուս, որպէս քո անձնական Փրկիչը: Պատասխանէդ առաջ, թոյլ տուր ինծի պարզեցնեմ այս հարցը: Որպէս զի այն հասկնաս, պէտք է «Յիսուս Քրիստոս», «անձնական» եւ «Փրկիչ» բառերուն նշանակութեանը մասին ճիշտ պատկերացում ունենաս:

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոսը: Շատերը կը խորհին, որ Յիսուս Քրիստոս բարի մարդ մը, մեծ ուսուցիչ մը եւ նոյնիսկ Աստուծոյ մարգարէ մըն է: Այս ամէնը հաստատապէս կը վերաբերին Յիսուսին, բայց իրականութեան մէջ չեն ներկայացնին, ճիշտ ո՞վ է Անիկա: Աստուածաշունչը մեզի կ'ըսէ, որ Յիսուս Աստուած է մարմնին մէջ, Աստուած՝ մարդացած (տես Յովհ. 1.1,14): Աստուած աշխարհ եկաւ, որ մեզ սորուեցնէ, բժշկէ, ուղղէ, ներէ եւ մեզի համար մեռնէ: Յիսուս Քրիստոս Աստուած, Արարիչ եւ Տէր է: Ընդունա՞ծ ես այս Յիսուսը:

Ի՞նչ կը նշանակէ «Փրկիչ» եւ ինչո՞ւ Փրկիչի մը պէտքութիւնն ունինք: Աստուաշունչը մեզի կ'ըսէ, որ ամէնս ալ մեղանչած ենք, բոլորս ալ անօրէնութիւններ ենք գործել (Հռովմ. 3.10-18): Մեր մեղքերուն պատճառաւ մենք արժանի ենք Աստուծոյ պատժին եւ դատաստանին: Մեր մեղքերուն, որոնք գործած ենք Անվէրջ եւ Յաւիտենական Աստուծոյ մը հանդէպ, միակ արդար պատիժը անվէրջանալի պատիժն է (Հռովմ. 6.23, Յայտ. 20.11-15): Ճիշտ ասոր համար ալ Փրկիչի մը պէտքութիւնն ունինք:

Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ եւ մեր փոխարէն մեռաւ: Յիսուս՝ մարմնացեալ Աստուած, Իր մահովը վճարեց մեր մեղքերուն գինը (Բ Կորն. 5.21): Յիսուս կրեց մեր մեղքերուն պատիժը (Հռովմ. 5.8): Յիսուս վճարեց գինը, որպէս զի մենք չվճարենք: Յիսուսին Յարութիւնը կ'ապացուցէ, որ Անոր մահը բաւարար էր, որպէս զի վճարէ մեր մեղքերուն պատիժը: Ահա ի՞նչու միայն Յիսուս է միակ Փրկիչը (Յովհ. 14.6, Գործք 4.12): Դուն կը հաւատաս, որ Յիսուս քո Փրկիչն է:

Յիսուս քո «անձնական» Փրկի՞չն է: Շատերը կը խորհին, որ քրիստոնէութիւնը կը նշանակէ եկեղեցի երթալ, արարողութիւններուն մասնակցիլ եւ մեղքեր չգործել: Սակայն քրիստոնէութիւնը միայն այդ չէ: Ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը Յիսուս Քրիստոսին հետ անձնական հաղորդակցութիւն ունենալն է: Յիսուս Քրիստոս, որպէս անձնական Փրկիչ ընդունել կը նշանակէ անձնապէս հաւատալ եւ վստահել Անոր: Ուրիշին հաւատքովը մէկը չի կրնայ փրկուիլ: Ոչ ոք մեղքերու թողութիւն չի ստանայ, որովհետեւ բարի գործեր կ'ընէ: Փրկուելուն միակ միջոցը այն է, որ ընդունիս Յիսուսը, որպէս Փրկիչ: Հաւատաս, որ Անիկա Իր մահովը վճարած է քո մեղքերուն համար եւ, որ Անոր յարութիւնը քեզի կ'երաշխաւորէ յաւիտենական կեանք (Յովհ. 3.16): Արդյո՞ք Յիսուս քո «անձնական» Փրկիչն է:

Եթէ կ'ուզես ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսը, որպէս քո Փրկիչը, հոս քեզի կը ներկայացնինք աղօթք մը: Թէ՛ այս, կամ թէ՛ ուրիշ աղօթք մը չեն կրնայ քեզի փրկիլ: Միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքը կրնայ քեզի քո մեղքերէն փրկիլ: Այս աղօթքը միայն միջոց մըն է, որ ցուցնես քո հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ եւ շնորհակալութիւն յայտնես այն փրկութեանը համար, որ Անիկա քեզի կ'ընծայէ:

«Աստուած իմ, գիտեմ, որ մեղաւոր մէկն եմ Քո առջեւ եւ արժանի՝ պատժուելու: Բայց Յիսուս Քրիստոս ընդունեց այն պատիժը, որ ես պիտի կրէի, որպէս զի Անոր վրայ ունեցած իմ հաւատքովը ինծի ներուի: Ես կը դառնամ իմ մեղքերէն եւ իմ փրկութիւնը Քեզի կը վստահիմ: Շնորհակալ եմ Քո հիասքանչ շնորհիդ, ներումին եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւին համար: Ամէն:»

Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ի՞նչ կը նշանակէ ընդունիլ Յիսուսը, որպէս անձնական Փրկիչ: