Ճշմարիտ կրօնը ինծի համար




Հարց. Ճշմարիտ կրօնը ինծի համար

Պատասխան.
Ճաշարանները մեզի կը գայթակղեն, քանի որ կը թոյլատրեն պատուիրելու այն, ինչ որ կ'ուզենք ճաշակել: Որոշ սրճարաններ կ'առաջարկեն սուրճի ամէնատարբեր հարիւրաւոր համերով եւ հոտերով տէսակներ: Նոյնիսկ, երբ տուն մը կամ մեքէնայ մը կը գնենք, կրնանք փնտրել անանք մը, որը ունենայ բոլոր այն յարմարութիւնները, որ մենք կ'ուզենք: Մենք այլեւս չենք ապրիր շոկոլադէ, վանիլիայէ կամ ելակէ աշխարհի մը մէջ: Ընտրութիւնը արքայ է: Կրնաս գտնիլ ամէն բան քո անձնական նախընտրութիւններուն կամ կարիքներուն համեմատ:

Իսկ ի՞նչ ըսենք այն բանին համար, թէ ո՞րն է քեզի համար ամէնէն ճիշտ կրօնը: Օրինակ, կրօն մը, որը քեզի չէ ստիպէր՝ մեղաւոր զգալու, ոչ մէկ պահանջ ունենայ քեզի հանդէպ, քեզի չծանրաբեռնէ «ըրէ ասիկա» կամ «մի ըրէ ասիկա» հոգնեցնող խօսքերովը: Այդ կրօնը կայ եւ քեզի կը սպասէ, բայց արդեոք կրօնը բան մըն է, որը կրնանք ընտրիլ, ինչպէս պաղպաղակ մը կ'ընտրինք:

Գոյութիւն ունին շատ հնարաւորութիւններ, որոնք իրարու հետ կը մրցին՝ գրաւելու մեր ուշադրութիւնը: Այդ դէպքում ինչո՞ւ պէտք է ընդունենք, որ Յիսուս աւելի մէկն է Մուհամէդէն, Կոնֆուցիոզէն, Բուդդայէն, Չարլզ Րըսէլէն կամ Ջոուզէֆ Սմիթէն: Վէրջին հաշուով, մի՞թէ բոլոր ճամբաներն ալ Դրախտ չեն տանիր: Մի՞թէ բոլոր կրօններն ալ իրենց հիմքին մէջ նոյնը չեն: Ճշմարտութիւնը այն է, որ ոչ բոլոր կրօնները կ'առաջնորդեն դէպի Դրախտ այնպէս, ինչպէս ոչ բոլոր ճամբաները կ'առաջնորդեն դէպի Հռոմ:

Միայն Յիսուս Աստուծոյ հեղինակութեամբ կը խօսէ, որովհետեւ միայն Անիկա յաղթած է մահուանը: Մուհամէդը, Կոնֆուցիոզը եւ ուրիշներ մինչեւ այսօր ալ իրենց գերեզմանների մէջ կը փտին: Բայց Յիսուս իր Զօրութեամբը, հռոմեական դաժան խաչին վրայ մեռնելէն երեք օր ետքը դուրս եկաւ գերեզմանէն: Ամէն մէկը, որը զօրութիւն ունի մահուան վրայ, արժանի է, որ լսենք Անոր:

Յիսուսի յարութիւնը հաստատող ապացոյցներ ահաւոր շատ են: Նախ, հինգ հարիւր հոգիներ յարուցեալ Քրիստոսին անմիջական վկաներն են: Ասիկա հսկայական թիւ մըն է: Չես կրնար արհամարհիլ հինգ հարիւր հոգիներու վկայութիւնը: Բացի այդ, չենք կրնար արհամարհիլ այն փաստը, որ Յիսուսին գերեզմանը պարապ է: Յիսուսի թշնամիներուն չի յաջողուիր դիւրութեամբ լռեցնիլ յարութեան մասին զրոյցները, որովհետեւ չեն կրնար ցուցնել մեռած եւ փտող մարմինը. Պարզապէս այդպիսին չկայ: Գերեզմանը պարապ է: Կրնա՞յ ըլլայ, որ աշակերտները մարմինը գողցած են: Հազիւ թէ: Որպէս զի նման բան չըլլայ, քահանայապէտերն ու փարիսեցիները Պիղատոսէն կը պահանջեն, որ գերեզմանը զինեալ զինուորներուն կողմէ պահպանուէ: Եթէ յաշուի առնինք, որ Յիսուսին ամէնէն մոտ հետեւորդները երկիւղած կը փախչին Անոր ձերբակալութեան եւ խաչելութեան ատենը, գրեթէ անհնարին է, որ այս խումբ մը թշուառ եւ վախուորած ձկնորսները ելլեն պատրաստուած, հմուտ զինուորներուն դեմ, որոնք կը պահպանէին գերեզմանը: Պարզ փաստ մըն է, որ Յիսուսին յարութիւնը ճշմարտութիւն է եւ հակառակ ապացոյց մը չկայ:

Ամէն ով որ զօրութիւն ունէ մահուանը վրայ, արժանի է, որ Անոր ձայնը լսուի: Յիսուս ցոյց տուաւ, որ զօրութիւն ունէ մահուանը վրայ, ուստի պէտք է լսենք, թէ ինչ կ'ըսէ Անիկա: Յիսուս կը պնդէ, որ փրկութեան միակ ճամբան Ինքն է (Յովհ. 14.6): Անիկա ճամբաներէն մէկը չէ: Անիկա ճամբան է:

Նոյն այս Յիսուսը ըսաւ. «Եկէք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ.» (Մատթ. 11.28): Մենք դժուար ժամանակներուն մէջ կ'ապրինք եւ մեր կեանքը ծանր է: Մեզմէ շատեր վիրաւորուած ենք, կ'արիւնինք եւ կը կրենք մեր տարած պայքարին սպիները: Համաձա՞յն ես: Ուրեմն ի՞նչ կ'ուզես վերականգնո՞ւմ, թէ պարզապէս կրօն: Կենդանի Փրկի՞չ մը, թէ մեռած «մարգարէ» մը: Իմաստալից յարաբերութիւննե՞ր, թէ պարապ արարողութիւններ: Յիսուս ընտրութիւններէն մէկը չէ: Անիկա է ընտրութիւնը:

Յիսուս է ճշմարիտ «կրօնը», եթէ թողութիւն կը փնտրես (Գործք 10.43): Յիսուս է ճշմարիտ «կրօնը», եթէ Աստուծոյ հետ իմաստալից յարաբերութիւններ կը փնտրես (Յովհ. 10.10): Յիսուս է ճշմարիտ «կրօնը», եթէ կ'ուզես Դրախտին մէջ յաւիտենական տուն ունենաս (Յովհ. 3.16): Ընդունէ՛ Յիսուս Քրիստոսը, որպէս քո Փրկիչը եւ չպիտի զղջաս: Վստահէ՛ Անոր եւ քո մեղքերուն թողութիւն պիտի գտնիս, բնաւ չպիտի հիասթափուիս:

Եթէ կ'ուզես Աստուծոյ հետ «ճիշտ յարաբերութիւններ» ունենալ, հոս քեզի կը ներկայացնինք աղօթք մը: Թէ՛ այս, կամ թէ՛ ուրիշ աղօթք մը չեն կրնայ քեզի փրկիլ: Միայն Յիսուս Քրիստոսին վրայ ունեցած հաւատքը կրնայ քեզի քո մեղքերէն փրկիլ: Այս աղօթքը միայն միջոց մըն է, որ ցուցնես քո հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ եւ շնորհակալութիւն յայտնես այն փրկութեանը համար, որ Անիկա քեզի կ'ընծայէ:

«Աստուած իմ, գիտեմ, որ մեղաւոր մէկն եմ Քո առջեւ եւ արժանի՝ պատժուելու: Բայց Յիսուս Քրիստոս ընդունեց այն պատիժը, որ ես պիտի կրէի, որպէս զի Անոր վրայ ունեցած իմ հաւատքովը ինծի ներուի: Ես կը դառնամ իմ մեղքերէն եւ իմ փրկութիւնը Քեզի կը վստահիմ: Շնորհակալ եմ Քո հիասքանչ շնորհիդ, ներումին եւ յաւիտենական կեանքի պարգեւին համար: Ամէն:»

Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, սեղմէ «Այսօր Քրիստոսը ընդունեցի» կոճակին վրայ:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ճշմարիտ կրօնը ինծի համար