Ինչպէ՞ս կրնամ, որպէս քրիստոնեայ, յաղթայարել մեղքը իմ կեանքին մէջ:




Հարց. Ինչպէ՞ս կրնամ, որպէս քրիստոնեայ, յաղթայարել մեղքը իմ կեանքին մէջ:

Պատասխան.
Աստուածաշունչին մէջ կը խօսուի յետեւեալ միջոցներու մասին, որոնք կրնան մեզի օգնիլ յաղթայարելու մեր մեղաւոր բնութեանը:

1)Սուրբ Հոգին: Հոգեւոր պարգեւներէն մէկը, որը Աստուած մեզի (Իր Եկեղեցւոյն) տուած է, որպէսզի յաղթող քրիստոնեական կեանք մը ապրինք, Սուրբ Հոգին է: Աստուած Գաղ. 5.16-25-ին մէջ մեղքի գործերուն կը հակադրէ Սուրբ Հոգւոյն պտուղները: Այս յատուածին մէջ կը պատուիրուի հաւատացեալներուն Հոգիովը քալլելու: Բոլոր հաւատացեալներն ալ Սուրբ Հոգին ունին, բայց այս յատուածին մէջ կ'ըսուի, որ Հոգիով պիտի քալլենք, այն է՝ մեր կեանքերնին Անոր հսկողութեանը տակ դնինք: Ասիկա կը նշանակէ, որ մենք կը գործենք Անոր կամքին համաձայն, այլ ոչ՝ մեր մարմնին ցաանկութիւններու:

Պետրոսին կեանքը օրինակ մըն է, ինչպէս Սուրբ Հոգին կրնայ հաւատացեալին կեանքը վերափոխէ: Անիկա Սուրբ Հոգիովը լեցուելէն առաջ երեք անգամ ուրացած էր Յիսուսը եւ այս ըրած էր Քրիստոսին մինչեւ իր կեանքին վէրջը հետեւելու խոստումէն քիչ մը ետքը: Երբ կ'ընդունէ Սուրբ Հոգին, անիկա Պենտեկոստէի տօնին բացէ ի բաց եւ վստաահաբար կը քարօզէ հրեաներուն Փրկչին համար:

Քրիստոնեան Հոգիով կը քալլէ, չի մարէ այն, ինչ Հոգին կը բորբոքէ («Մի՛ մարէք Սուրբ Հոգին», կ'ըսէ Ա Թես. 5.19-ին մէջ), այլ կը ձգտէ լեցուելու Հոգիովը: Ինչպէ՞ս կրնան Սուրբ Հոգիովը լեցուիլ: Նախ, պէտք է գիտնանք, որ Աստուած կ'ընտրէ անոր, որուն կ'ուզէ Սուրբ Հոգին տայ: Ասոր համար կը նկարագրուի Հին Կտակարանին մէջ: Անիկա կ'ընտրէ հստակ դէպքեր եւ որոշ անձերու, որոնց Սուրբ Հոգին կը բաշխէ, որպէս զի Իր գործը իրագործեն (Ծննդ. 41.38, Ելից 31.3, Թուոց 24.2, Ա Թագ. 10.10 եւ այլն): Կը հաւատամ, որ Եփես. 5.18-21-ը եւ Կող. 3.16-ը կը վկայեն, որ Աստուած կ'ընտրէ անոնց, որոնք կ'ընդունին Աստուծոյ Խօսքը, ինչը կը ցուցնէ այն փաստը, որ այս համարներուն իրագործումին արդիւնքը միշտ միեւնոյնը կ'ըլլայ:

2)Աստուծոյ Խօսքը: Աստուածաշունչը Բ Տիմ. 3.16-17-ին մէջ կ'ըսէ, որ Աստուած տուած է Իր Խօսքը մեզի ամէն բարի գործերու պատրաստելու համար: Անիկա մեզի կը սորուեցնէ ինչպէս ապրինք եւ ինչին հաւատանք: Կը ցուցնէ մեզի սխալ ճամբաները եւ կ'օգնէ մեզի ուղիղ ճամբուն վրայ քալլել: Ինչպէս Եբր. 4.12-ը կ'ըսէ. «Աստուծոյ Խօսքը կենարար է, ազդու, եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ: Ան թափանցելով կը բաժնէ անձն ու հոգին, յօդերը եւ ծուծը. Կը քննարկէ սիրտին մտածումներն ու մտադրութիւնները»: Սաղմոսերգուն Սաղ. 119.9,11,105 եւ այլ համարներու մէջ կը խօսէ անոր կէրպարանափոխիչ ուժին համար: Նաւէի որդի Յեսուին կ'ըսուի, որ իր թշնամիները յաղթելու համար (ինչը փոխաբերական զուգահեռ մըն է մեր հոգեւոր պայքարին), պէտք է չմոռնայ այս միջոցը, եւ գիշեր ու ցորեկ մտածէ անոր վրայ, պահէ այն ամէնը, ինչ գրուած է անոր մէջ: Եւ անիկա ճիշտ ասիկա կ'ընէ, նոյնիսկ, երբ Աստուծոյ պատուիրանները ռազմական տեսանկիւնէ անիմաստ կը թուին: Աւետեաց երկրին համար տարուող պայքարին մէջ Աստուծոյ Խօսքը յաղթանակի բանալին էր:

Մենք յաճախ լուրջ վերաբերմունք չենք ցուցներ այս միջոցին: Առաջին հայեացքէ կ'օգտուինք անորմէ, երբ մեզի հետ եկեղեցի կը տանինք կամ ամէն օր հատուած մը կամ գլուխ մը կը կարդանք, սակայն ջանք չենք ընէր յիշելու զանիկա, չենք մտածեր անոր վրայ, չենք գործադրեր մեր կեանքին մէջ, չենք խոստովանիր մեր մեղքերնին, որոնց համար անիկա մեզի կը մեղադրէ, մեր ստացած շնորհներուն համար Աստուծոյն չենք փառաբաներ: Շատ յաճախ Աստուածաշունչին կը վերաբերինք անորէքսիայով հիւանդի մը պէս, որը կ'ատէ կերակուրը կամ ալ բուլիմիայով հիւանդի մը պէս, որուն օրգանիզմը չի ընդուներ կերակուրը: Մենք Խօսքէն կ'ընդունինք միայն այնքան, որքան մեր հոգին կենդանի մնայ, երբ կը կարդանք կամ կը լսինք եկեղեցի գացած ատենը, բայց երբեք բաւարար չափով չենք ընդունիր, որպէս զի իսկապէս առողջ եւ զարգացող քրիստոնեաներ ըլլանք, կամ ալ յաճախ կ'ընդունինք Խօսքը, բայց երբեք բաւարար չափով չենք մտածեր անոր վրայ, որպէս զի հոգիներնիս կուշտ ըլլայ:

Եթէ սովորութիւնը չունիք ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը բաւարար չափով ուսումնասիրելու եւ գոցիբերան ընելու յատուածներ, որոնք Սուրբ Հոգին ձեր սրտին մէջ կը սերմանէ, շատ կարեւոր է, որ ասիկա սովորութիւն ընենք: Խորհուրդ կու տամ գրելու օրագիր մը: Կարդայ Խօսքէն այնքան, մինչեւ օրագիրիդ մէջ գրես բան մը, որ անկէ սորուածես: Ես յաճախ կը գրեմ աղօթքները, որնցմով Աստուծմէ կը խնդրեմ, որ ինծի փոխէ անանք, ինչպէս Ինքը կ'ուզէ: Աստուածաշունչը Խօսք մըն է, որուն Սուրբ Հոգին կը գործածէ մարդոց կեանքերուն մէջ (Եփես. 6.17): Ասիկա կարեւոր եւ յիմնական մասն է այս ամբողջական զէնքին, որուն Աստուած տուած է մեզի մեր հոգեւոր պայքարին համար (Եփես. 6.12-18):

3) Աղօթք: Այս ալ ուրիշ կարեւոր միջոց մըն է, որ Աստուած մեզի տուած է: Ասիկա ալ մարդիկ միայն խօսքով եւ մակերեսորեն կը գործածեն: Մենք աղօթաժողովներ կ'ընենք, որոշակի ժամերուն աղօթք կ'ընենք եւ այլն, բայց անիկա չենք գործածեր այնպէս, ինչպէս նախնական եկեղեցին ըրած է (Գործք 3.1, 4.31, 6.4, 13.1-3 եւ այլն): Պողոս շատ անգամներ կը յիշատակէ, ինչպէս աղօթած է անոնց համար, որոնց ծառայած է: Մենք այս միջոցը չենք գործածեր, նոյնիսկ, երբ առանձին ենք: Աստուած մեզի հրաշալի խոստոմներ է տուած աղօթքին համար (Մատթ. 7.7-11, Ղուկ. 18.1-8, Յովհ. 6.23-27, Ա Յովհ. 5.14-15 եւ այլն): Աղօթքը եւս միացուած է մեր հոգեւոր պայքարին նախապատրաստումի յատուածին մէջ (Եփես. 6.18):

Որչափ կարեւոր է աղօթքը: Եթէ նորէն Պետրոսին դառնանք, կրնանք կարդալ, թէ ի՞նչ կ'ըսէ Յիսուս Պետրոսին Գեթսէմանէի պարտեզին մէջ, անոր ուրացումէն քիչ մը առաջ: Հոն, մինչդեռ Յիսուս կ'աղօթէ, Պետրոս կը քնանայ: Յիսուս անոր կ'արթնցնէ եւ կ'ըսէ. «Արթուն կեցէք եւ աղօթեցէք, որպէսզի չմտնէք փորձութեան մէջ. Արդարեւ հոգին յօժար է, բայց մարմինը՝ տկար» (Մատթ. 26.41): Մենք ալ, Պետրոսին պէս կը ցանկանք ընել այն, ինչ ճշմարիտ է, սակայն անոր համար ուժ չունինք: Ասոր համար պիտի յետեւինք Աստուծոյ խորհուրդին. Շարունակենք փնտրիլ, շարունակենք բախիլ, շարունակենք ցանկալ ... եւ Անիկա մեզի ուժ պիտի տայ, ինչի պէտքութիւնը ունինք (Մատթ. 7.7,8): Բայց ասոր համար պէտք է օգտուինք այս միջոցէն ոչ միայն խօսքով:

Ասորմով չեմ ուզեր ըսել, որ աղօթքը ինչ որ կախարդական գործողութիւն մըն է, որովհետեւ անանք չէ: Աստուած է, որ Մեծ է: Աղօթքին միջոցաւ մենք պարզապէս կ'ընդունինք մեր սահմանափակ ըլլալը եւ Աստուծոյ անվէրջանալի զօրութիւնը, եւ կը դիմենք Անոր մեզի զօրութիւն տալու համար, որպէսզի ընենք այն, ինչ Անիկա կ'ուզէ մեզմէ (ոչ թէ այն, ինչ մենք կ'ուզենք, որ ընենք) (Ա Յովհ. 5.14-15):

4)Եկեղեցին: Միջոցներէն վէրջինը, որուն նոյնպէս յաճախ կ'արհամարհինք: Երբ Յիսուս կը ղրկէ իր աշակերտները, անոնց երկու-երկու կը ղրկէ (Մատթ. 10.1): Երբ Գործք Առաքելոցին մէջ կը կարդանք առաքելական ճամբորդութիւններու մասին, կը տեսնինք, որ անոնք խումբով՝ երկու կամ աւելի հոգիներով կը ճամբորդէին: Յիսուս կ'ըսէ, որ հոն, ուր երկու կամ երեք հոգի ժողուին Անոր անունովը, Ինքը անոնց մէջն է (Մատթ. 18.20): Անիկա մեզի կը պատուիրէ, որ չդադարինք ժողուելէ, ինչպէս շատեր սկսած են ընել, եւ գործածելով մեր ժողովները իրարու սիրոյ եւ բարի գործերու մէջ քաջալերէնք (Եբր. 10.24-25): Իրարու խոստովանինք մեր մեղքերը (Յակ. 5.16): Հին Կտակարանին իմաստոթեան գիրքերը կը գրեն, որ ինչպէս երկաթը երկաթ կը սրէ, անանք ալ մարդը կը սրէ իր բարեկամին երեսը (Առակ. 27.17): «... Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի փրթիր» (Ժող. 4.11-12): Մարդն աւելի զօրաւոր է, երբ առանձին չէ:

Կը ճանչնամ մարդոց, որոնք Քրիստոսով եղբայրներ եւ քոյրեր գտած են, որոնք իրարու կը փոխանցեն իրենց հոգեւոր կեանքին փորձառութիւնը. Ինչպիսի պայքարներու միջով կ'անցնին եւ այլն, նուիրաբար կ'աղօթեն իրարու համար եւ իրենց յարաբերութիւններու մէջ մեծ պատասխանատվութեամբ Աստուծոյ Խօսքը կը գործադրեն եւ այլն:

Երբեմն փոփոխութիւնը արագ կ'ըլլայ: Սակայն կան ոլորտներ, ուր փոփոխութիւնը դանդաղ կ'ըլլայ: Բայց Աստուած մեզի խոստացած է, որ եթէ գործածենք այն միջոցները, որ Ինք մեզի տուած է, մեր կեանքերը պիտի փոխուին: Կամքով հաստատ պիտի ըլլանք, գիտնալով, որ Անիկա հաւատարիմ է Իր խոստումներուն:



Վերադարձիր յիմնական էջը հայերէնով



Ինչպէ՞ս կրնամ, որպէս քրիստոնեայ, յաղթայարել մեղքը իմ կեանքին մէջ: